ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

ԱՊՏԻՒԼԼԱՀ ԿԻՒԼԻՆ



ԴԻՄՈՒՄ

Փարիզ, 18 Ապրիլ 2011 թ.


Պարոն Նախագահ,

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Համագումարը (արձանագրուած՝ ՄԱԿ-ի հետեւեալ յանձնախումբերուն, WIPO - World Intellectual Property Organisation, EMRIP - Expert Mechanism on the Rights of Indigenous Peoples եւ ECOSOC - Economic and Social Council), ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւնը, նստավայր ունենալով Փարիզ, ՖՐԱՆՍԱ՝ սոյն պաշտօնական նամակագրութեամբ կը պահանջէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Կառավարութենէն՝ պաշտօնապէս ճանչնալ 1894-1923 թթ. օսմանեան, երիտթուրքական եւ քեմալական կառավարութիւններու կողմէ՝ հայութեան եւ հայկական քաղաքակրթութեան դէմ կատարուած շարունակական ոճրագործութիւնը, այսինքն՝ հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան փաստը:

Թրքական կառավարութիւններու կողմէ նախապէս ծրագրուած եւ իրականացուած ոճրագործութիւններու առ ի հետեւանք, հայութիւնը ունեցաւ մօտ երկու միլիոն նահատակ: Իսկ բռնագաղթի, հայրենազրկման եւ ուծացման ենթարկուեցան աւելի քան մէկ միլիոն հայ:
Այսօր, որպէս բնիկ ժողովուրդ, մօտաւորապէս տասը միլիոն հայեր, Թուրքիոյ Հանրապետութեան վարած հայատեաց քաղաքականութեան հետեւանքով՝ կ՛ապրին իրենց հայրենիքէն դուրս ու կ՛ենթարկուին ձուլման եւ ոչնչացման՝ առանց իրենց ազատ, նախօրոք եւ լուսաբանված համաձայնութեան:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը եւ Վտարանդի կառավարութիւնը կտրականապէս կը մերժէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի քաղաքականացուած կեդրոնացումը միայն 1915 թուականի վրայ:
Ցեղասպանութիւնը սկսուած է 1894 թուկանէն Սասունի ջարդերով, որու նպատակով 1891 թուականէն նախապէս կազմուած էին համիտեան գունդերը:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը եւ Վտարանդի կառավարութիւնը Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան փաստը կը բաժնէ երեք ժամանակաշրջաններու.
1. 1894 - 1896 թթ. Ապտիւլ Համիտ Բ-ի կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնը,
2. 1909 թ. Հայկական Կիլիկիոյ՝ Ատանայի ջարդերը, երիտթուրքերու կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնը,
3. 1915 - 1923 թթ. երիտթուրքերու եւ քեմալական կառավարութեանց կատարած ցեղասպանութիւնը:

Ըստ այնմ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութենէն կը պահանջուի 1894 - 1923 թթ. հայերու դէմ պետականօրէն ծրագրուած եւ իրականացուած ցեղասպանութեան փաստի ամբողջական ճանաչումը, հիմնուած պատմական-իրաւական արխիւային հետեւեալ փաստաթուղթերու հիման վրայ.
- «1915 թ. մայիս 24-ին Երրեակ Համաձայնութեան տէրութիւնները՝ Մեծն Բրիտանեան, Ֆրանսան եւ Ռուսաստանը, առաջինն էին, որոնք հանդէս եկան Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերու բնաջնջման քաղաքականութեան դէմ համատեղ մէկ յայտարարութեամբ, որով Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերու նկատմամբ ի գործ դրուած բռնութիւններն ու ջարդերը որակեցին իբրեւ «Թուրքիոյ նոր ոճիրները ընդդէմ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան»:
- 1919 թ. Կ. Պոլսոյ Ռազմական յատուկ ատեանի վճիռները:
- 1965 - 2010 թթ. հայերի ցեղասպանութիւնը դատապարտած պետութիւններու ցանկը:
- 1984 թ. ժողովուրդներու մշտական ատեանի վճիռը:
- 1985 թ. ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբի որոշումը:
- 1987 թ. Եւրոպական Խորհրդարանի որոշումը:
- 2007 թ. «Բնիկ Ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» Հռչակագիրը:
- 2011 թ. Արժանթինի Գերագոյն ատեանի վճիռը:


Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ՝

Պրն. Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ


Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան Վարչապետ՝

Պրն. Տիգրան ՓԱՇԱԲԵԶԵԱՆ




0 Պատգամ: