«Կարեւորը հիմա դաշնակի
թոռ լինելը չի, այլ
դաշնակցականի վայել գործ
անելը»

(«Ալիք» օրաթերթից)



Տարին չեմ յիշեր, սակայն 1970-ականներու վերջաւորութեան պէտք է որ ըլլայ։ Այդ թւականներուն հայրենի մտաւորականներու ամենամեայ հաւաքներ կը կազմակերպւէին Ծաղկաձորի մէջ, որուն կը մասնակցէին հարիւրյիսունէ աւելի գիտնականներ, գրողներ, լրագրողներ եւ առհասարակ ամէն տեսակի արւեստագէտներ ու մտաւորականներ։
Երբեմն նոյնիսկ հոգեւոր հայրեր կու գային Էջմիածնէն։ Կազմակերպողները (գլխաւորութեամբ Վազգէն Մանուկեանի), երիտասարդ գիտնականներ էին, որոնց նպատակն էր ազգային հարցեր քննարկել եւ ի հարկին գործել խորհրդային օրէնքներու եւ պայմաններու մէջ։
Պէտք է ըսել, որ հայրենի մտաւորականութեան աւագանին կը յաւակնէր հոն, սկսեալ Վիկտոր Համբարձումեանէն ու Սերգէյ Մերկէլեանէն, մինչեւ Սերօ Խանզադեանն ու Սիլւա Կապուտիկեանը։
Ինքզինքս պատււած կը զգայի անոր համար, որ միակ սփիւռքահայն էի, որ կը հրաւիրւէի մասնակցելու այս ձեռնարկին։Ի դէպ, քաղաքագէտները միայն կը բացակայէին այս հաւաքէն, սակայն անոնցմէ շատեր, Ջոն Կիրակոսեանի եւ կամ Ալեքսանդր Կիրակոսեանի նման հեղինակութիւններ անուղղակիօրէն կը քաջալերէին մեզ։
Նմանօրինակ հաւաքի մը առիթով էր, որ հաւաքւած էինք Օպերայի հանդիպակաց այգիի անկիւնը ու կը սպասէինք փոխադրամիջոցներու կարգաւորման մեկնելու համար Ծաղկաձոր։
Թէ ովքեր կային հոն, դարձեալ յստակ չեմ յիշեր, սակայն սկզբունքով, Ռազմիկ Դաւոյեանի, Մուշեղ Գալշոյեանի, Սօս Սարգսեանի եւ կամ Ռուբէն Յովսէփեանի նման ընկերներ պէտք է որ ըլլային։ Երբ խօսքը կընթանար ազգային-դաշնակցական մամուլի շուրջ, յանկարծ ներկաներէն մէկը ըսաւ.- Իմ պապս էլ դաշնակ է եղել։
Հենրիկ Իգիթեանը անմիջապէս աւելցուց.- Ի՞նչ ես «լոփազանում», մեր պապերից ո՞ր մէկը դաշնակ չի եղել։ Կարեւորը հիմա դաշնակի թոռ լինելը չէ, այլ դաշնակցականի վայել գործ անելը։ Մեզանից իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան բերումով ուզում եմ ասել հայ մշակոյթի ճամբով, հարկաւոր է ազգային գիծն ու շահը պաշտպանի։ Այլապէս՝ մենք կորած ենք։
Հենրիկ Իգիթեան անոնցմէ էր, որոնք իրաւունք ունէին նմանօրինակ հաստատումներ ընելու եւ կամ պահանջ ներկայացնելու հայրենի գրողներուն ու արւեստագէտներուն։ Ան իսկապէս (մինչեւ իր կեանքի վերջը) մասնագիտութիւնն ու հայրենասիրութիւնը ընդելուզած իրարու կը գործէր խորհրդային վտանգաւոր կարգերու տակ՝ միշտ պաշտպանելով ազգային գիծն ու շահը։ Շնորհիւ իր աշխատասիրութեան՝ լաւապէս տիրապետած էր իր մասնագիտութեան եւ ձեռք բերած որոշ հեղինակութիւն՝ պետական շրջանակներէ ներս։
Ան ճկուն էր, յանդուգն ու քաջ։ Գիտէր ինչպէս պիտի վարւի ղեկավարութեան հետ՝ իր նպատակները իրագործելու համար։1960-ական թւականներուն խումբ մը կերպարւեստագէտներու (Արթօ Չաքմաքճեան, Մինաս Աւետիսեան, Արտաշէս Յունանեան, Աշոտ Յովհաննիսեան, Իշխան Նազարեան, Էդւարդ Խարազեան, Սէյրան Խաթլամաճեան եւ ուրիշներ) հետ ըմբոստացան խորհրդայիններու դէմ եւ սպառնացին հրապարակաւ ոչնչացնել այն բոլոր ստեղծագործութիւնները, զորս իրագործած են ազատօրէն առանց «սոցիալիստական ռէալիզմ»-ի թելադրականութեան: Այս շարժումին արդիւնքը եղաւ այն, որ ոչ միայն հայրենի կերպարւեստագէտները իրաւունք ստացան ազատօրէն ստեղծագործելու եւ իրենց գործերը ցուցադրելու, այլեւ Իգիթեանի ջանքերով ստեղծւեցաւ Երեւանի Ժամանակակից արւեստի թանգարանը:Այնուհետեւ այս հայրենասէր արւեստաբանը ոչ միայն պաշտպանեց հայրենի կերպարւեստագէտներու ազատօրէն ստեղծագործելու իրաւունքը, այլեւ ձեռք երկարեց նաեւ անհատ գեղանկարիչներու (ինչպէս՝ Վրոյր Գալստեան, Յ. Յակոբեան, Անանիկեան, Մ. Աւետիսեան, Աղ. Այւազեան եւ այլն) բնակարան եւ արւեստանոց ունենալու եւ կամ անհատական ցուցահանդէսներ կազմակերպելու իրաւունքները:Ո՞վ է ան:
Հենրիկ Իգիթեան ծնած է 1932-ին Թիֆլիս: 1956-ին աւարտած է Երեւանի Ռուսական մանկավարժական ինստիտուտը, իսկ 1963-ին Լենինգրադի Ի. Ռեպինի անւան գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան բարձրագոյն հիմնարկը։ Ժամանակաշրջան մը պաշտօնավարած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահէն ներս:
Ժամանակակից արւեստի թանգարանէն ետք հիմնած է նաեւ Երեւանի մանկա-պատանեկան պատկերասրահն ու գեղանկարչական դաստիարակութեան հանրապետական կենտրոնը: Այս բոլորէն ետք ան 1995-ին քանի մը ընկերներու հետ (Մհեր Սահակեան, Ռուբէն Աւագեան եւ դոկտ. Մովսէս Հերկէլեան) հիմնադրած է նաեւ Արդի հայ նկարիչներու «Նոյեան տապան» ընկերակցութիւնը, որ, փաստօրէն, սատար հանդիսացաւ հայրենի գեղանկարիչներու սերունդի մը (շուրջ երեսուն կերպարւեստագէտ) ստեղծագործական կեանքին:
Կազմակերպչական եւ մանկավարժական աշխատանքներուն զուգահեռ՝ բեղմնաւոր եղած է նաեւ անոր արւեստաբանի գրիչը: Բացի բազմաթիւ յօդւածներէ՝ ան ստորագրած է նաեւ շարք մը ուշագրաւ պատկերագիրքերու յառաջաբաններ, ինչպէս՝ Երւանդ Քոչարի, Յակոբ Քիւրքճեանի, Մինաս Աւետիսեանի, եւ այլն:
Անոր հեղինակութեամբ լոյս տեսած են հայրենի կերպարւեստին համար կենսական նշանակութիւն ունեցող պատկերագիրքեր՝ տարբեր լեզուներով, ինչպէս՝ «Գալըրի նոազ արք», «Թրի աֆ լայֆ», Մինաս Աւետիսեան, Արմինիըն փալէթ, Վրոյր Գալստեան, «Մալարսթւօ Արմենի», եւ այլն:
Հենրիկ Իգիթեան հետամուտ եղած է նաեւ միշտ քաջալերելու այն բոլոր երիտասարդ տաղանդները, որոնք ինչ-որ չափով ապագայի լաւ յոյսեր ներշնչած են իրեն:Աւելի քան ամիս մը առաջ ան հեռացաւ մեզմէ առյաւէտ:
Անոր կորուստը մեծ է հայրենի արւեստի բնագաւառէն ներս, ու իր բացակայութիւնը երկարօրէն կսկծալի պիտի մնայ, որովհետեւ քիչ են, շատ քիչ են այն հայ արւեստաբանները, որոնց համար «կարեւորը հիմա դաշնակի թոռ լինելը չի, այլ դաշնակցականի վայել գործ անելը»:

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
«ԱԶԴԱԿ» օրաթերթ

0 Պատգամ: