ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
«Կարդացածդ Կը Հասկնա՞ս»
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Քրիստոսի նորակազմ եկեղեցին, առաջին շրջանին բաւական դժուարութիւններ ունեցաւ թէ՛ կազմակերպական իմաստով եւ թէ՛ քարոզչական: Կազմակերպական ամէնէն յայտնի դժուարութիւններէն մէկն էր՝ կերակուրի եւ օժանդակութեան մատակարարումը կարիքաւորներուն: Այդ աշխատանքը առաքեալները իրենք կը կատարէին, որովհետեւ յունախօս հրեաները, կամ հելլենները, սկսած էին դժգոհելու ու բողոքելու արամերէն խօսող եբրայեցիներուն դէմ, ըսելով, որ իրենց այրիները եւ աղքատները կ՛անտեսուին: Առաքեալները սկզբնապէս ուզեցին բաւարարել յունախօս հրեաները, սակայն տեսան, որ Աստուծոյ խօսքին մատակարարումը պիտի տուժէ այս ձեւով: Ուստի, հաւատացեալներուն ըսին, որ իրենց մէջէն բարեհամբաւ եօթը անձեր ընտրեն, որպէսզի անոնք ըլլան իրենց օգնականները այդ մասնաւոր պաշտօնին համար, ու իրենք ամբողջութեամբ նուիրուին Աստուծոյ խօսքի քարոզութեան:
Համաձայն «Գործք Առաքելոց» գիրքի հեղինակ Ղուկաս աւետարանիչին, ժողովուրդը եօթը ծառայասէր ու աստուածավախ անձեր բերաւ առաքեալներուն դիմաց: Անոնք, իրենց կարգին աղօթեցին անոնց վրայ, ու ընդունեցին զանոնք իբրեւ իրենց օգնականները: Յունախօս հրեաները այսպիսով բաւարարուած զգացին, որ իրենց աղքատներն ու որբեւայրիները երեսի վրայ պիտի չթողուէին այնուհետեւ:
Կազմակերպական իմաստով, եկեղեցւոյ դժուարութիւններէն մէկն ալ նիւթական հարստութեան կեդրոնացումէն յառաջ կու գար: Այսպէս, առաքեալներու հաստատած կանոններուն համաձայն, ամէն մարդ իր նիւթական հարստութիւնը ամբողջութեամբ պէտք է դնէր անոնց տրամադրութեան տակ, իսկ առաքեալներ, հաւատացեալներուն կարիքին համաձայն պիտի բաշխէին զայն: Սակայն ամէն ոք նուիրաբերման նոյն ոգին չէր ցուցաբերեր: Անանիա եւ Սափիրա զոյգը, իր ագարակը ծախեց եւ իրարու միջեւ համաձայնելով՝ մարդը եկաւ եւ միայն մէկ մասը յանձնեց առաքեալներուն: Պետրոս առաքեալի հարցումին, թէ՝ ա՞յս է ամբողջ ագարակին գումարը, զոր ստացաք երբ ծախեցիք զայն, մարդը հաստատական պատասխանեց եւ նոյն պահուն գետին ինկաւ ու մեռաւ: Այնտեղ կանգնած երիտասարդներ եկան, Անանիան վերցուցին եւ տարին թաղեցին: Քիչ ետք անոր կինը՝ Սափիրան եկաւ: Կինը ոչ մէկ տեղեկութիւն ունէր պատահածէն: Առաքեալը միեւնոյն հարցումը անոր ուղղեց: Ան ալ հաստատական պատասխան տուաւ, եւ ինք ալ ինկաւ ու մեռաւ, ու նոյն երիտասարդները զինք ալ տարին թաղեցին:
Առաջին շրջանի եկեղեցւոյ այս միատեղ գանձանակը տակաւին շատ դժուարութիւններու դուռ պիտի բանար ընկերային կեանքէ ներս, ուստի հետզհետէ վերցուեցաւ եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալի խիղճին թողուեցաւ կարօտեալներուն օգնելու աստուածահաճոյ բարեգործութիւնը: Այդ եօթը սարկաւագներէն մէկն էր Փիլիպոս, որ իր ընկերակիցներուն նման, Սուրբ Հոգիով լեցուն անվեհեր քարոզիչ մըն էր Աւետարանին: Հրեաներ սամարացիներուն հետ իրենց յարաբերութիւնները խզած էին, արդէն դարերէ ի վեր անոնք տարբեր պաշտամունքային ծիսակարգ ունէին եւ հակառակ նոյն ազգութեան պատկանելուն, օտար կը նկատէին զանոնք: Փիլիպոս եղաւ Քրիստոսէ ետք առաջին առաքեալը, որ ուղղուեցաւ Սամարիա, եւ Աստուծոյ օգնութեամբ Աստուածորդիին հաւատքը սերմանեց սամարացիներու հոգիին մէջ: Քրիստոս իր քարոզութեան ընթացքին, երբ առիթով մը սամարացի կնոջմէ մը ջուր խնդրեց, կինը զարմացաւ թէ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ եբրայեցի մը սամարացիի ձեռքէն ջուր խնդրէ (Յհ 4խ7-10): Ուրիշ առիթով մը, երբ Յիսուս Երուսաղէմ պիտի երթար, ուզեց Սամարիոյ գիւղերէն մէկուն մէջ իջեւանիլ, եւ իր աշակերտները ղրկեց պատրաստութիւն տեսնելու համար: Սակայն, սամարացիները գիտնալով, որ Երուսաղէմ պիտի երթայ իրենց մօտէն անցնելով՝ չընդունեցին զինք: Աշակերտները ըսին անոր, որ երկինքէն կրակ տեղացնեն ու պատժեն սամարացիները: Սակայն Յիսուս անոնց ըսաւ, թէ Մարդու Որդին եկած է մարդիկը փրկելու եւ ոչ թէ կորսնցնելու (Հմմտ Ղկ 9.53-55):
Փրկագործական առաքելութեան մէջ ազգութեանց ու պատկանելիութեանց միջեւ խտրականութիւն չդնելու Քրիստոսի միեւնոյն ուղղութեան բարացուցիչ մէկ օրինակն է Փիլիպոսի քարոզութիւնը: Սամարիոյ մէջ կատարած իր աւետարանչութեան ընթացքին, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուեցաւ հարաւ իջնել, Երուսաղէմէն Կազա տանող ամայի ճամբով:
Ճամբու ընթացքին տեսաւ եթովպիացի բարձրաստիճան պալատական պաշտօնեայ մը, որ եթովպիացիներու Կանդակին, այսինքն՝ թագուհիին սպասաւորներէն էր, եւ իր ձիակառքին մէջ նստած՝ Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար: Սուրբ Հոգին Փիլիպոսի ըսաւ, որ մօտենայ կառքին եւ անոր քովէն քալէ: Երբ Փիլիպոս վազելով կառքին հասաւ, լսեց պալատականը Եսայիի մարգարէութիւնը կը կարդայ բարձրաձայն: Փիլիպոս առանց հաշուի առնելու անոր օտարական ըլլալը, հարցուց անոր.- Կարդացածդ կը հասկնա՞ս:
Մարդը անոր կը պատասխանէ ըսելով, որ եթէ մէկը չի բացատրէ՝ ինչպէ՞ս կրնայ հասկնալ: Ապա կը խնդրէ, որ Փիլիպոս կառք ելլէ ու քովը նստի: Եւ Փիլիպոս անոր կը բացատրէ ճիշդ այն հատուածը, զոր ան կը կարդար առանց հասկնալու. «Ոչխարի պէս մորթուելու տարուեցաւ. եւ ինչպէս գառնուկ մը անմռունչ կը կենայ զինք խուզողին դիմաց, այնպէս՝ իր բերանը չբացաւ: Անիկա նուաստացաւ եւ չունեցաւ մէկը, որ զինք պաշտպանէր» (Հմմտ Ես 53.7-8): Եթովպիացիին հարցումին, թէ՝ որո՞ւ մասին է այս հատուածը, Փիլիպոս պատասխանեց՝ աւետարանելով Յիսուսը: Բարձրաստիճան պալատականը այնքան բաւարարուած էր տրուած բացատրութիւններով, որ երբ ջուրի մը եզերքը հասան, ոչ մէկ արգելք տեսաւ կառքէն իջնելու եւ տեղւոյն վրայ Փիլիպոսի ձեռքով մկրտուելու խիզախ արարքին մէջ: Երբ ջուրէն դուրս ելաւ, հեղինակը կÿըսէ, թէ Սուրբ Հոգին իջաւ եթովպիացիին վրայ, իսկ Փիլիպոս հրեշտակի կողմէ յափշտակուեցաւ ու ինքզինք գտաւ Ազոտոսի մէջ, Կեսարիոյ ճամբուն վրայ:
Հեթանոսներու քրիստոնէացման պարագան, առաջին շրջանի եկեղեցւոյ համար լուրջ դժուարութիւններ կը յարուցէր: Մարդիկ, որոնք չէին հետեւեր Մովսիսական օրէնքին, ինչպէ՞ս կրնային Յիսուսի հետեւիլ: Այս մարտահրաւէրն ալ սակայն, առաքեալներ իրենց ունեցած տեսիլքներով ու Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբ լուծեցին, ու Աստուծոյ սուրբ նկատածը իրենք անսուրբ ու անմաքուր չնկատեցին: Երկնային, աստուածային պատուիրանները համամարդկային տարողութիւն ունին, եւ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութեանց մասին սահմանագծումները մարդկային կարողութենէն վեր կը մնան: Ուստի, զայն պէտք է բացատրել հրեային թէ հեթանոսին, հարուստին թէ աղքատին, մեծին թէ փոքրին: Փիլիպոս չարհամարհեց եթովպիացին, որ հակառակ հեթանոս մը ըլլալուն՝ Եսայիի մարգարէութիւնը կը կարդար, սակայն առանց հասկնալու:
Կարդացածը հասկնալու դժուարութիւնը եւս լուծուեցաւ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ եւ Փիլիպոսի տուած մեկնաբանութեամբ:
0 Պատգամ:
Post a Comment