ԸՍՏ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆԻ՝
ԵՐԵՒԱՆ.- «Ասպարէզ» Ուրբաթ օր տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, գնահատական տալով հայ-թրքական բանակցութեանց ներկայ հանգրուանին՝ յայտնեց, որ «Թուրքիան շարունակում է անընդհատ խօսել նախապայմաններով:
Սակայն, քանի որ նման համաձայնագիր չի բխելու Արցախեան խնդիրի տրամաբանութիւնից, դա ինքնաբերաբար, նշանակում է, որ այդ բանակցութիւններին վնաս կը հասցնի, եւ ուրեմն Հայաստանը վայրկեան առաջ պէտք է ասի, որ Թուրքիայի հետ նման նախապայմաններով մենք բանակցութիւններ չենք շարունակում: Այն օրը, որ Թուրքիան հրաժարուի նախապայմաններից, մենք կը շարունակենք», յայտնեց Կիրօ Մանոյեան:
«Թուրքիոյ Հետ Բանակցութեանց Ներկայ Ընթացքը Կը Վնասէ Հայաստանին »
ԵՐԵՒԱՆ.- «Ասպարէզ» Ուրբաթ օր տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, գնահատական տալով հայ-թրքական բանակցութեանց ներկայ հանգրուանին՝ յայտնեց, որ «Թուրքիան շարունակում է անընդհատ խօսել նախապայմաններով:
Մեր կուսակցութեան կեցուածքն այն է, որ Հայաստանը պէտք է յայտարարի, որ, քանի որ Թուրքիան սկսել է նախապայմաններով խօսել, մենք այս բանակցութիւններում չկանք: Փաստօրէն, Թուրքիան սառեցրել է բանակցութիւնները, բայց շարունակում է իր աշխատանքները՝ Հայաստանի վրայ Արցախի հարցով ճնշում բանեցնելու: Եւ այդ նախաձեռնութիւնները փաստօրէն կարող են ի վերջոյ ունենալ վատ հետեւանք»:
Վատ հետեւանքի մասին, Կիրօ Մանոյեանի խօսքերով, յայտարարած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզան, ըստ որուն, հաւանական է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները այս տարի ստորագրեն համաձայնագիր մը՝ Արցախի հարցի կարգաւորման սկզբունքներուն շուրջ:
Սակայն, քանի որ նման համաձայնագիր չի բխելու Արցախեան խնդիրի տրամաբանութիւնից, դա ինքնաբերաբար, նշանակում է, որ այդ բանակցութիւններին վնաս կը հասցնի, եւ ուրեմն Հայաստանը վայրկեան առաջ պէտք է ասի, որ Թուրքիայի հետ նման նախապայմաններով մենք բանակցութիւններ չենք շարունակում: Այն օրը, որ Թուրքիան հրաժարուի նախապայմաններից, մենք կը շարունակենք», յայտնեց Կիրօ Մանոյեան:
Այսուհանդերձ, ըստ ՀՅԴ ներկայացուցիչին, Սերժ Սարգսեան պիտի չդադրեցնէ Հայաստանի համար վնասակար այս բանակցութիւնները: «Բայց կասկածում եմ, որ նախագահը այդ քայլին կը գնայ, որովհետեւ կարծես նախագահը բանակցում է նաեւ երրորոդ կողմի համար, այսինքն՝ ոչ թէ միայն Հայաստան-Թուրքիա հարցեր լուծելու, այլ նաեւ աշխարհին ցոյց տալու, թէ՝ տեսէ՛ք, մենք բանակցութիւնների կողմնակից պետութիւն ենք, որը, կարծում եմ, աշխարհը բաւական տեսաւ, եւ սրանից յետոյ պէտք է բանակցութիւնների տրամաբանութիւնից բխող կեցուածքներ որդեգրենք եւ ոչ թէ երրորդ կամ չորրորդ կողմերին ինչ որ բան ցոյց տալու կեցուածք որդեգրենք», աւելցուց Մանոյեան:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին՝ Մանոյեան նշեց, որ գործընթացը չէ սառեցուած, եւ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատիլ, որպէսզի ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան մէջ Ցեղասպանութեան հարցը արծարծուի: Հայաստանին վերաբերող ԵԽԽՎի ընդունած վերջին բանաձեւին մասին խօսելով՝ Մանոյեան յայտնեց, որ այդ բանաձեւը «բաւական ճիշդ գնահատում է ներկայ իրավիճակը:
Կարծում եմ՝ լաւ է, որ մոնիտորինգի տակ են պահում մեզ, որովհետեւ կարծես թէ մենք ուրիշ լեզուով չենք հասկանում»: Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, Եւրոխորհուրդը ի վերջոյ հասկցաւ, որ Հայաստանը կարիք ունի աջակցութեան եւ ոչ թէ «մտրակի, որովհետեւ երբ մարդիկ սկսեն մտրակ ցոյց տալ, առաջին հակազդեցութիւնը կը լինի ինքնապաշտպանութիւնը, եւ մնացած բաները աւելի կը տուժեն»:
Ջաւախքի մէջ տիրող իրադրութեան անդրադառնալով՝ Մանոյեան յայտնեց, որՎրաստանի անկախութենէն ի վեր եւ առաջին նախագահէն սկսեալ, վրացական իշխանութիւնները տարբեր հնարքներ կը փորձեն գտնել, որպէսզի փոխեն շրջանի ժողովրդագրական պատկերը:
Սահակաշվիլիի Երեւանի մէջ կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ՝ æաւախքի մէջ ջրելեկտրակայան պիտի կառուցուի, որուն համար դուրսէն երկուքէն երեք հազար աշխատողներ պիտի հրաւիրուին, նման հնարքներէն մէկն է միայն: Մանոյեան յիշեցուց, որ Ախալքալաքով անցնող երկաթագիծի ներկայիս դանդաղած կառուցման համար եւս աշխատուժ բերած էին Վրաստանի այլ շրջաններէ, առանց ճիգ թափելու, որ օգտագործեն տեղի մարդուժը:
Այս պայմաններուն տակ, Կիրօ Մանոյեան տարակուսանք արտայայտեց Հայաստան կատարած վերջին այցին ընթացքին՝ Վրաստանի նախագահին պատուոյ շքանշան շնորհելու առիթով: Անդրադառնալով Հինգշաբթի օր «Արմէնիա Մարիոթ» հիւրանոցին առջեւ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին՝ Կիրօ Մանոյեանը նշեց, որ ոստիկանութեան վերաբերմունքը պէտք եղածից շատ աւելի խիստ էր: «Կարծում եմ՝ երէկ հաւաք կազմակերպողների տեսակէտները բաւական բարձր հնչեցին եւ լրատուամիջոցների միջոցով հասան Վրաստանի նախագահին:
Կարծէք ինչ որ տեղ կար քաղաքական որոշում, որ Սահակաշվիլին յանկարծ չհանդիպի որեւէ ցուցարարների, եւ ոստիկանութեան ամբողջ նպատակը այն էր, որ հրապարակը դատարկ լինի ցուցարարներից:
Բայց կարծեմ ոստիկանութեան քայլերը նպաստեցին, որ աւելի շատ արձագանգ լինի, քան կարող էր հաւանաբար լինել մինչ այդ: Հետաքրքրական է, սակայն, թէ ինչո՞ւ էր պէտք Սահակաշվիլուն զրկել այդ իրականութիւնը տեսնելուց», յայտնեց ՀՅԴ ներկայացուցիչը:
0 Պատգամ:
Post a Comment