Հայ-թուրքական
պատերազմին
դաժան դասերը
«ԱԼԻՔ»
Ն.
Սեպտեմբերի այս օրը կը լրանայ 90-ամեակը հայ-թուրքական պատերազմին, որ հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենէն սեւ թւականներէն մէկը եւ, իր ծանրագոյն հետեւանքներով ու դաժան դասերով, անջնջելի եւ առանձնայատուկ տեղ գրաւեց հայոց ազգային յիշողութեան մէջ:
1920 թւականի սեպտեմբեր 24-ին, Մուստաֆա Քեմալի հրահանգով եւ առանց պատերազմի պաշտօնական յայտարարութեան, թուրքական բանակը ներխուժեց Հայաստան: Բռնկեցաւ հայկական եւ թուրքական պետութեանց միջեւ պատմութեան ծանօթ միակ պատերազմը, որ երկու ամիս ետք աւարտեցաւ ոչ միայն Հայաստանի անկախութեան կորուստով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումով ու գերեվարումով, այլեւ՝ հայկական հողերու ծանրագոյն կորուստով:
Աշխարհաքաղաքական հակասութիւններով լեցուն եւ միջազգային թէ տարածաշրջանային բախտորոշ վերիվայրումներով յատկանշւող պատմական պահ էր 1920-ի աշնանամուտը։ Առաջին աշխարհամարտի յաղթական Դաշնակիցները, անգլիացիներու եւ ֆրանսիացիներու գլխաւորութեամբ, անձնատուր եղած էին պատերազմը կորսնցուցած Կայսերական Գերմանիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան գաղթատիրական աւարը իրենց միջեւ բաժնելու խօլ մրցապայքարին:
Հայաստան աշխարհը պարփակող տարածաշրջանին մէջ, հիւսիսի մեծապետական ախոյեանը՝ Ցարական կայսրութիւնը փուլ եկած էր, տեղի ունեցած էին 1917-ի Փետրւարեան եւ Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւններն ու յեղաշրջումները, Լենինի բոլշեւիկները ռազմաճակատներէն «դէպի տուն» կանչած էին ռուսական զօրքերը, որոնք Կարմիր բանակի համազգեստ հագած՝ նետւած էին կռւի նոր դաշտ, մէկ կողմէ ռուս հակաբոլշեւիկեան սպիտակ բանակայինները ոչնչացնելու, իսկ միւս կողմէ նոր կայսրութիւն մը՝ Խորհրդային Միութիւնը կեանքի կոչելու համար...
Օսմանեան կայսրութիւնը տակաւին կը շարունակէր քաշքշել իր գոյութիւնը, աւելի ճիշտ՝ յաղթական Դաշնակիցները իբրեւ իրենց հլու-հնազանդ խամաճիկը՝ կը պահպանէին զայն, բայց քեմալական ազգայնականութիւնը արդէն պարզած էր թուրքական պետութիւնը իր անցեալի «փառք»-ով վերականգնելու սրբազան պատերազմի դրօշը:
Իթթիհադականներու երէկի գործակիցն ու բանակային հրամանատարը՝ Մուստաֆա Քեմալ իր շուրջ համախմբած էր պարտեալ թուրքական բանակի մնացորդը եւ տենդագին փնտրտուքի մէջ էր՝ գտնելու իր հետեւորդները սպառազինող եւ սնունդով ապահովող ռազմական դաշնակիցի:
Լենին փութաց գրաւելու... քեմալական ազգայնականութեան «կնքահայր»-ի թափուր աթոռը: Ի՞նչ պատկեր կը պարզէր Հայաստանը՝ պատմական այդ բախտորոշ պահուն։ Հայաստանի անկախութիւնը միջազգային ճանաչումի արժանացած էր, Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաստատաքայլ կառաջանար հայոց ազգային պետականութեան կռւաններն ամրապնդելու ճակատներուն վրայ, սովի ու գաղթականութեան «անձեւ քաոս»-ը աստիճանաբար անցեալի տխուր յուշ կը դառնար, Հայկական բանակը արագօրէն կուժեղանար, յաղթահարած էր մայիս 1920-ի բոլշեւիկեան խռովութեանց բացած ներքին վէրքը եւ կտրած էր Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի ուղղութեամբ յառաջանալու ռուբիկոնը՝ հազիւ շաբաթներ առաջ ստորագրելով, Օսմանեան կայսրութեան պաշտօնական իշխանութեանց կողքին, 10 օգոստոսի 1920-ի Սեւրի դաշնագիրը, հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներն ու Հայաստանի Հանրապետութեան ընդլայնւած սահմանները իրաւականօրէն հաստատագրող միջազգային Պարտամուրհակը։ Յատկապէս, այս վերջինի՝ Սեւրի դաշնագրին ստորագրումը եղաւ այն արագացուցիչը, որ Լենինի եւ Քեմալի միջեւ ամիսներ առաջ սկսած գործակցութեան եւ զինակցութեան ուխտ կնքելու գաղտնի բանակցութիւնները հասցուց իրենց սադայէլական պսակումին։
Ռուսական ոսկիներով եւ զէնքերով ուժեղացած թուրքական զօրքերը այլեւս պատճառ չունէին ձգձգելու Հայաստանի վրայ իրենց յարձակումը։ Եւ 14 սեպտեմբերին, միջազգային պետական իրաւակարգը արհամարհելով, առանց պատերազմի պաշտօնական հռչակման, քեմալական բանակը սկսաւ իր արշաւանքը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։ Անակնկալի եկած Հայկական բանակը, սկզբնական ընկրկումներէ ետք, ամբողջական թափով նետւեցաւ կռւի դաշտ եւ, որոշակի նահանջներով հանդերձ, յաջողեցաւ կասեցնել քեմալական յառաջխաղացքը:
Բայց, ոչ միայն թուրքական զօրքը անհամեմատօրէն ուժեղ էր, այլեւ քեմալական արշաւանքին անմիջապէս հետեւեցաւ հիւսիսէն եւ արեւելքէն Կարմիր բանակի ընդհանուր գրոհը՝ Հայաստանը թիկունքէն հարւածելու եւ Հայկական բանակը երկու մեծապետական ուժերու աքցանին մէջ առնելու ռազմավարութեամբ: Այդպէ՛ս էր, որ իբրեւ հայ-թուրքական պատերազմ սկսաւ, բայց անմիջապէս «Հայաստանը թուրքական սալին եւ ռուսական մուրճին միջեւ» կործանելու ահաւոր դաւադրութեան իր դաժանագոյն էութիւնը մերկացուց 1920-ի աշնան արձանագրւած ողբերգութիւնը։
Շարունակութիւնը պարզապէս 24 սեպտեմբերի ներխուժման սեւ էջին ողբերգական գոյները խտացնող պարտութիւններու եւ ընկրկումներու շարան մըն է, որ յանգեցաւ 1920-ի դեկտեմբերի 2-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ իշխանութիւնը խորհրդայիններուն զիջելուն եւ դեկտեմբերի 3-ին Ալեքսանդրապոլի անձնատւական դաշնագրի ստորագրութեան։
Հայոց նորագոյն պատմութեան այդ սեւ թւականներուն եւ անոնց առընչւող դասերուն անպայման կարժէ առանձնաբար անդրադառնալ: Հո՛ս ուղղակի տե՛ղն է անդրադառնալու թուրքական քաղաքականութեան բնորոշ այն հիմնական՝ վարքագծային առանձնայատկութիւններուն, որոնք պատմութեան դաժան դասերուն մաս կը կազմեն արդէն, բայց որոնք դեռ չեն իւրացւած անհրաժեշտ խորութեամբ՝ հայ քաղաքական մտքի անխտիր բոլոր հոսանքներուն կողմէ։ Թուրքական պետութեան համար, օսմանեան ըլլայ անիկա թէ հանրապետական, հիմնական եւ ռազմավարական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայկական Հարցէն ձերբազատումը, ի հարկին Ցեղասպանութեամբ հայ ժողովուրդը ֆիզիկապէս կործանելու ճամբով։
Սուլթան Համիդ կոչւին թէ Թալէաթ փաշա, Քեմալ Աթաթուրք անւանւին թէ արեւմտականացած մահմեդականի պատմուճան հագած Էրդողան ըլլայ իրենց անունը՝ թուրքական պետութեան վարիչները միեւնոյն քաղաքականութեան կը ծառայեն եւ տարբեր վարքագիծ չեն կրնար ունենալ:
Պարզապէս, կը շարժին ու կը գործեն պահու միջազգային պայմաններուն համապատասխան պատշաճեցումներով: Հետեւաբար՝ ո՛չ 1915-ով սկսաւ, ո՛չ ալ իթթիհադականներու անփառունակ պարտութեամբ վերջ գտաւ Հայկական Հարցը ի հարկին հայութեան բնաջնջումով օրակարգէ դուրս մղելու թուրքական քաղաքականութիւնը, ինչպէս որ 1920-ականներուն Քեմալ նոյնքան յանցագործ շարունակողը եղաւ թուրքական այդ պետական քաղաքականութեան, այնպէս ալ Էրդողան կամ վաղւան որեւէ թուրք ղեկավար պարզապէս պահու միջազգային պայմաններուն համապատասխանող քայլեր պիտի առնէ, բայց խորքով նոյն քաղաքականութեան շարունակողը պիտի մնայ։
Հայաստանը շրջափակելու եւ, ապա, շրջափակման վերջ տալու համար Հայաստանին հիմնական զիջումներ պարտադրելու Անկարայի այսօրւան քաղաքականութիւնը տարբեր ներշնչման աղբիւր չունի, տարբեր նպատակի չի ծառայեր։ Եւ ինչպէս որ 90 տարի առաջ, 24 սեպտեմբերի 1920-ին, առանց պատերազմ իսկ յայտարարելու, Թուրքիա «յարմար» պահուն ներխուժեց Հայաստան, պարզապէս Խորհրդային Ռուսաստանի հետ որոշակի կամուրջ մը «անցնելու» համար, նոյնպէս եւ այսօր Թուրքիա կրնայ միջազգային բոլոր պայմանաւորւածութիւնները ոտնակոխող քայլի դիմել Հայաստանի դէմ, եթէ «յարմար պահ»-ը ներկայանայ։
Թուրքական այդօրինակ հաւանական հարւածի պատրաստ գտնւելու իմաստութիւնը կը սորվեցնէ մեզի 24 սեպտեմբերի 1920-ի տարելիցը:

0 Պատգամ: