Գիւլ-Բաքու
Մեդւեդեւ-Երեւան
(ԱԼԻՔ)
Ռուսաստանի նախագահին այցելութիւնը Հայաստան հասկնալիօրէն պիտի խլէր լրատւական լուսարձակներ եւ շարժառիթ հանդիսանար, որ մեկնարկէին մեկնաբանական յօդւածներ։
Այցելութիւնը, սակայն, առաջին հանգրւանէն փոխանցեց յստակ պատգամներ։Այսպէս՝ պետական այցելութենէ մը ակնկալւած բարձրագոյն մակարդակի ընդունելութիւնները ներառած ժամանակացոյցը անպայման տեղ վերապահած պիտի ըլլար Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան։ Սակայն, երբ Հայաստան ժամանող նախագահը օդանաւակայանէն ուղղակի կը մեկնի Ծիծեռնակաբերդ՝ ծաղկեպսակ տեղադրելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին, այս արդէն վեր է ամէն տեսակի մեկնաբանութենէ եւ կը լուսաւորէ կատարւածին փոխանցած պատգամներուն ենթահողն ու ուղին։
Գիւմրիի մէջ վերականգնւած «Պատւոյ բլուր»-ը եւս այդ ընդհանուր պատգամներուն կը ներառւի. ի վերջոյ, կառոյցը նւիրւած է ռուս-թուրքական պատերազմի ընթացքին նահատակւած ռուս զինւորներու յիշատակին։ Սակայն, առաջին ակտը ուղղակի քաղաքական թիրախին հարւածելու ուժգնութիւն ունի։ Այնուհետեւ ռազմակայանի օգտագործումը 49 տարով երկարաձգելու համաձայնութիւնը, ռազմակայանը միասնաբար օգտագործելու նոր համաձայնագիրը եւ ռուս թիւ մէկ ղեկավարին կատարած յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի պաշտպանւածութիւնը հաւաքական յանձնառութեամբ վերցնելու տեսակէտէն, կը թւին միակողմանիօրէն հայանպաստ տեսք եւ էութիւն հաղորդել՝ պետական այցելութեամբ մարմնաւորւած հայ-ռուս յարաբերութիւններու նոր հարթութեան եւ տարողութեան։Տեսքով՝ այո։
Խորքին մէջ, սակայն, ռուսական քաղաքականութիւնը հասկնալիօրէն միակողմանի բնոյթ չի կրնար կրել։ Պարզ է, որ այս բոլորին նախորդած էր Ռուսաստանի կողմէ համաձայնութիւնը՝ Ադրբեջանին վաճառելի-տրամադրելի C-300 հակաօդային համակարգին։ Տրամաբանութիւնը այս բոլորին այն է, որ պատերազմի վերսկսման պարագային՝ ռուս զինուժը կօգտագործւի միասնաբար հայկական ուժերուն հետ, մինչ Ադրբեջան կը դիմէ Ռուսաստանին տրամադրած հակաօդային իր զինանոցին։
Շրջանային առումով ուժերու միջեւ հաւասարակշռութեան խաղ ղեկավարելու եւ կախեալութեան երեւոյթն ընդգծելու ցուցանիշերը ցոյց կը տրւին այս ձեւով։ Պարզ է, սակայն, որ ռազմակայանի ժամկէտի երկարաձգումն ու զինուժի միացեալ օգտագործումը անհանգստացուցած են հակաօդային համակարգով օժտւելու երեւոյթը շահարկող Ադրբեջանը։ Անհանգստութիւն մը, որ եթէ պետական-պաշտօնական առումով Բաքւի կողմէ պաշտօնապէս չի բարձրաձայնւիր, այնուամենայնիւ, Բաքւի թելադրանքով շրջանառութեան մէջ կը մտնէ քաղաքական տարբեր գործիչներու կամ զանգւածային լրատւամիջոցներու կողմէ։
Հայաստանեան կողմն աշխարհի տրամագծօրէն հակոտնեայ գնահատականներ կը տրւին այս ուղղութեամբ։ Իշխանամէտ դաշտը քաղաքական յաջողութիւն կը նկատէ Երեւանի մէջ կատարւածը, մինչ ընդդիմադիր դաշտը ծայրայեղացւած շեշտադրումներով ձախողութեան եւ կախեալութեան նոր աստիճանաչափեր կուզէ տեսնել այցելութեան եւ այցելութեան ընթացքին կնքւած համաձայնութիւններուն մէջ։Նման գործընթացներու ծայրայեղ քաղաքականացումները, այն ալ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պարանաձգութեան ծառայող եւ զուտ ա՛յս հայեցակէտերէն դիտելով խնդիրները օգտակար չեն երբեք։ Բարդ իրավիճակ է՝ անշուշտ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հետ սերտօրէն առնչւած են իրադարձութիւնները։
Ռուսաստանի նախագահին այցելութիւնը, կատարած յայտարարութիւններն ու կնքած համաձայնագիրները միանգամայն պէտք է ընկալել շրջանին մէջ ռուսական գործօնի ինքնապարտադրման պարունակին մէջ։ Երեւոյթը պէտք է ըմբռնել հայ-թուրք յարաբերութիւններու նոր սկիզբի (առանց ընդունած ըլլալու անոնց սառեցւած ըլլալը) հաւանականութեան բարձրացման եւ, անշուշտ, Թուրքիոյ նախագահին Բաքու կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ։
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ
(ԲԷՅՐՈՒԹ)
0 Պատգամ:
Post a Comment