ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ
Հայ ժողովուրդի ամբողջական
ազատագրութեան գաղափարի մարտիկը՝
Արշակ Ջամալեան (Իսահակեան)
(1882-1940)
«Չարաշուք հայ հրապարակագիրներից մէկը, չգիտենք ի՛նչ առթիւ, գրել է մի անգամ, թէ հայ ժողովուրդը տարւայ 365 օրերից որեւէ մէկը կարող է ազգային տօն դարձնել, բացի Մայիս 28-ից, որովհետեւ վերջինս հայոց պատմութեան ամենադառն օրն է...
«Այսպէ՛ս դատելով՝ ոչ մի քրիստոնեայ չպէտք է տօնի Քրիստոսի ծնունդը, որովհետեւ դրա հետ կապւած է յիշողութիւնը այն անագորոյն հալածանքների, որոնց երեսից փախստական Մարիամն ու Յովսէփը Բեթղեհէմի մսուրն էին ապաստանել՝ չոր ծղօտի վրայ ծնունդ տալու նոր կրօնի հիմնադրին... «Բոլոր ծնունդները կապւած են մայրական ահաւոր տանջանքների հետ. Քանի՜-քանի՜ մարդիկ աշխարհ են գալիս վիրահատի դանակի տակ՝ իրենց ծնողի արեւը խաւարեցնելով:
Բայց միթէ մենք նման պատճառներով հրաժարւո՞ւմ ենք տօնել որեւէ մեծ մարդու ծննդեան տարեդարձը, եթէ նա երախտագիտական զգացումներ է յարուցանում մեր մէջ»: Հայաստանի անկախութեան կերտման 10-ամեակին առիթով՝ 1928-ին գրւած այս մտորումին հեղինակն է հայ ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներէն Արշակ Ջամալեան, որուն վախճանման 70-ամեակը ոգեկոչեցինք դեկտեմբերի 27-ին: Հայաստանի անկախութեան սերունդի ամենէն ներկայացուցչական դէմքերէն ու վաստակաշատ նւիրեալներէն եղաւ դաշնակցական այս հսկան, որ շուրջ քառասուն տարի իր իւրայատուկ դրոշմը դրաւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական կեանքի հունաւորման վրայ:
Գաղափարի եւ հաւատքի մարմնաւորեալ հսկայ մըն էր Ջամալեան, որ ոչ միայն սեփական կեանքը իմաստաւորեց հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ արդարութեան համար անսակարկ նւիրաբերումով, այլեւ իր մտքի ու կամքի լոյսով եւ ուժականութեամբ՝ ոտքի հանեց հայոց բազմութիւնները եւ մղեց դէպի յարատեւ կռիւ՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան-ազգային, ընկերային եւ մշակութային: Հայ մտքի եւ քաղաքական կամքի փոթորկաշունչ դարբինը դառնալու ճակատագրւած էր Գանձակի մէջ 22 սեպտեմբերի 1882-ին ծնած բազմաշնորհ Արշակը:
Հայրը՝ բարեկեցիկ ոսկերիչ Ջամալ Իսահակեանը (որուն անունով Արշակ ընտրեց Ջամալեան մականունը հետագային, երբ դաշնակցական յեղափոխական դարձաւ) յատուկ պատճառ ունէր իր զաւկին ուսումնառութիւնը քաջալերելու եւ ապահովելու, որովհետեւ ոչ միայն Արշակ ինք ընդունակ աշակերտ էր, այլեւ՝ Արշակի վաղամեռիկ մօր կտակն էր, որ իր տղան անպայման ուսանի եւ բարձրագոյն կրթութեան տիրանայ: Արշակ Իսահակեան իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ Գանձակի հայոց ծխական դպրոցին մէջ, ապա երբ 1892-ին ցարական հրամանագրով փակւեցան հայոց ծխական վարժարանները, յաճախեց Գանձակի ռուսական գիմնազիան:
Ռուսացման ալիքը ուժեղ էր այդ շրջանին եւ Արշակ սկսաւ տարւիլ հոսանքէն, բայց հայրը հոսանքին դէմ պայքարող մարդ էր եւ ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի հայեցի կրթութիւն ապահովէ իր տղուն: Զուգադիպութիւն մը օգնեց, որպէսզի Արշակի կեանքը հիմնովին նոր ուղղութիւն մը ստանայ: 1896-ի Վանի կոտորածներէն ետք Ս. Էջմիածին ապաստանած գաղթական բազմութեան մէջ էր ազգային հեղինակաւոր մանկավարժ Պլուզ Կարօ, որ Խրիմեան Հայրիկի կողմէ անմիջապէս ղրկւեցաւ Գանձակ՝ հայ դպրոցէ զրկւած սերունդին ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու առաքելութեամբ:
Ջամալ Իսահակեան Պլուզ Կարոյէն խնդրեց, որ իր տղուն հայերէնի եւ հայոց պատմութեան մասնաւոր դասեր տայ: Այդպէս ալ եղաւ: Արշակի ընդունակութիւններուն ծանօթանալով՝ Պլուզ յորդորեց ու համոզեց Ջամալին, որ Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանը ղրկէ Արշակին: Եւ այդպէս՝ 1897-ին Արշակ ընդունւեցաւ «Գէորգեան» ճեմարանը:
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման եռուն ժամանակաշրջանն էր, իսկ «Գէորգեան» ճեմարանը, հակառակ հոգեւոր հաստատութիւն մը ըլլալու իր պաշտօնական հանգամանքին, փաստօրէն, վերածւած էր յեղափոխական շարժման հնոցի մը, ուր կը տիրէր յատկապէս դաշնակցական ոգին: Նիկոլ Աղբալեանի եւ Ա. Վռամեանի օրինակով դաշնակցական մեծութիւններու հոգե-մտաւոր կազմաւորման օրրանը դարձած ճեմարանը իր բարեբեր ազդեցութիւնն ունեցաւ նաեւ ու մանաւանդ Արշակ Ջամալեանի վրայ, որ իր սերունդին յեղափոխական խմորումներուն եւ աշակերտական ըմբոստացումներուն մղիչ ուժն ու յառաջապահը եղաւ շուտով:
Իր կենսագիրներուն վկայութեամբ՝ Ջամալեան գաղափարական շարժման փոթորիկ մը առաջացուց ճեմարանի մէջ՝ ձեռագիր «Նաւակ» աշակերտական թերթի խմբագրումէն մինչեւ Հայաստանեայց Եկեղեցին ծիսապաշտութենէ դուրս բերելու եւ բարեկարգելու պայքարին ծաւալումը: Բայց, յատկապէս Երկրի մէջ սաստկացած յեղափոխական կենդանի կռւին անձնապէս նւիրւելու իր կոչերով՝ արդէն դաշնակցականի իր ուղին գտած Ջամալեանը իր դէմ լարեց ճեմարանի պահպանողական պատասխանատուներուն դժգոհութիւնը: Եւ հակառակ իր ուսումնական փայլուն արդիւնքներուն՝ ճեմարանի լսարանական (համալսարանական) բաժնի առաջին տարին հազիւ աւարտած, 1902-ին, Ջամալեան տուն ճամբւեցաւ եւ ճեմարանի դռները իր առջեւ վերջնականապէս փակւեցան:
Քսանամեայ երիտասարդ՝ Ջամալեան քանի մը տարի մնաց իր ծննդավայրին՝ Գանձակի մէջ, ուր ծաւալեց դաշնակցական աշխոյժ գործունէութիւն՝ գաղափարական մթնոլորտ ստեղծելու եւ տեղւոյն երիտասարդութիւնը կազմակերպելու ուղղութիւններով: Եւ երբ վրայ հասան 1905-ի հայ-թաթարական ընդհարումները եւ բացայայտ դարձաւ ցարական ոստիկանութեան գրգռիչ դերակատարութիւնը, Դաշնակցութեան որոշումով՝ Ջամալեան մասնակցեցաւ տեղւոյն ռուս ոստիկանապետի ահաբեկումին, որուն հետեւանքով՝ 7 ամիս բանտարկւեցաւ, իսկ ազատ արձակւելէ ետք՝ անցաւ Եւրոպա՝ ուսումը շարունակելու համար:Ճեմարանական տարիներէն իսկ Արշակ Ջամալեան շեշտակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր հայ հասարակագիտական մտքի զարգացման եւ հարստացման ուղղութեամբ:
Լսարանական առաջին տարւան իր ծաւալուն շարադրութիւններէն մէկը, որ կը վերաբերէր Րաֆֆիի պատմավէպերուն մէջ արծարծւած հասարակական խնդիրներու ուսումնասիրութեան, արժանացաւ ճեմարանի ատենի ուսուցչական կազմին բարձր գնահատանքին: Հետեւաբար՝ երբ Ջամալեան հասաւ Եւրոպա եւ արձանագրւեցաւ Բեռլինի համալսարանը, աւելի քան բնական էր, որ ընկերային գիտութեանց վրայ կենտրոնացաւ անոր բարձրագոյն ուսումը: Եւրոպայի մէջ ուսանողական տարիները Ջամալեանի առջեւ բացին ոչ միայն գաղափարական իր հետաքրքրութեանց ու ծանօթութեանց հորիզոնն ընդարձակելու, այլեւ կազմակերպական իր տաղանդը մշակելու եւ զարգացնելու լայն հորիզոններ:
Եղաւ հիմնադիրներէն մէկը Եւրոպայի Հայ ուսանողական միութեան եւ անոր պաշտօնաթերթ «Ուսանող»-ին, որուն էջերէն Արիսեան ստորագրութեամբ հանդէս եկաւ հայ միտքն աշխուժացնող եւ ազգային ու հասարակական խնդիրներու գիտական քննարկումը հարստացնող յօդւածներով եւ աշխատասիրութիւններով: Արդէն գաղափարական ու կազմակերպական իր դէմքը հաստատած էր Արշակ Ջամալեան 1907-ին, երբ Եւրոպայի հայ ուսանողութեան կողմէ պատգամաւոր ընտրւեցաւ ՀՅԴ չորրորդ Ընդհանուր ժողովին:
Այդ ժողովին էր, որ Դաշնակցութիւնը սուր կերպով դիմագրաւեց երկփեղկման վտանգը: Մէկ կողմէ արեւմտահայ մարտական գործիչները վարակած Միհրանական շարժումը կատաղի պայքար բացած էր Դաշնակցութեան կովկասեան ու ընկերվարական գործունէութեան դէմ՝ դատապարտելով համառուսական յեղափոխական շարժումներուն մասնակցութիւնը: Իսկ միւս կողմէ արեւելահայ մտաւորականութիւնն ու ուսանողութիւնը վարակած ձախապաշտ հակումները յանգած էին Դաշնակցութեան մէջ անջատողական շարժման մը առաջացումին՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ դատերը իրարմէ անջատ կուսակցութիւններով ղեկավարելու պահանջով:
Ահա ա՛յդ մթնոլորտին մէջ ուղղակի փրկարար դեր կատարեց Ջամալեան՝ դաշնակցական երիտասարդ ուսանողի դիրքերէն պահապան կանգնելով կուսակցութեան ներքին միասնութեան եւ յառաջապահը դառնալով ազգայինն ու ընկերվարականը համադրող դաշնակցական աշխարհայեացքի հիմնաւորումին:1908-ին Ջամալեան վերադարձաւ Կովկաս եւ հաստատւեցաւ Թբիլիսի, ուր «Ներսիսեան» վարժարանի մէջ իր ստանձնած ուսուցչական պաշտօնի կողքին՝ դաշնակցական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց՝ Նիկոլ Աղբալեանի հետ «Հորիզոն»-ի խմբագրութեան պատասխանատւութիւնը ստանձնելով:
Ռուսերէնի, գերմաներէնի եւ ֆրանսերէնի իր տիրապետումը մեծապէս օգնեց, որ այդ ժամանակներէն իսկ Ջամալեան կենտրոնական դէմքերէն մէկը դառնայ ռուս, վրացի եւ թաթար յեղափոխական շրջանակներու հետ Դաշնակցութեան հաստատած յարաբերութեանց: Թէ՛ հայ մտքի արդիականացման, թէ՛ համառուսական միջավայրի մէջ հայ քաղաքական կամքի արմատաւորման ի խնդիր Ջամալեանի թափած ճիգերը եւ ունեցած մեծ ներդրումը բաւարար եղան, որպէսզի 1914-ի ՀՅԴ 8-րդ Ընդհանուր ժողովին-եւ ի բացակայութեան - ան ընտրւի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ու շարունակէ մնալ այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 1933, երբ ՀՅԴ 12-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումով՝ ան կոչւեցաւ Դաշնակցութեան մնայուն քաղաքական գործիչի աշխատանքին ու պատասխանատւութեան:
1914-էն 1921 երկարող եւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենէն բախտորոշ ժամանակաշրջանը հանդիսացած տարիներուն Արշակ Ջամալեան բառին բուն իմաստով փոթորկաշունչ ներկայութիւն եղաւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան, Հայաստանի անկախացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ամրապնդման յառաջապահ դիրքերուն վրայ: Եղաւ Հայ կամաւորական շարժման ղեկավարներէն: 1917-ի համառուսական յեղափոխութեան երկար ամիսներուն ներկայացուց Դաշնակցութիւնը՝ բոլոր մակարդակներու վրայ: Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութեան մաս կազմեց եւ Երզնկայի մէջ հաշտութեան բանակցութիւնները վարեց թուրքերուն հետ՝ յանուն Սէյմի:
Նշանակւեցաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վրաստանի մօտ: Ընտրւեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Երեւան տեղափոխւեցաւ Թբիլիսէն: 1918-ի հայ-վրացական պատերազմին շուտափոյթ դադրեցումն ապահովող գլխաւոր դերակատարը եղաւ: 1920-ին մաս կազմեց Համօ Օհանջանեանի Բիւրօ-կառավարութեան՝ իբրեւ հաղորդակցութեան նախարար: Իսկ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1922-ին, Դաշնակցութեան բանագնացը եղաւ Ռիգայի մէջ բոլշեւիկներու հետ կատարւած խորհրդակցութեանց ժամանակ:
Մանաւանդ անկախութեան սերունդի տարագրութեան շրջանին, Սփիւռքի տարածքին, Ջամալեան ունեցաւ շուրջ քսանամեայ ղեկավար դերակատարութիւն: Վճռորոշ եղաւ Ջամալեանի ներդրումը հակադաշնակցական բուռն պայքարի այդ տարիներուն՝ Դաշնակցութեան գաղափարական վերաշխուժացումը նւաճելու եւ դաշնակցական ներքին միակամութիւնն ամրապնդելու ճակատներուն վրայ: Այդ ժամանակներէն մեզի հասած է, ՀՅԴ 40-ամեակին առիթով «Դրօշակ»-ի էջերուն լոյս տեսած, Արշակ Ջամալեանի հետեւեալ պատգամը. «Հայ ժողովուրդը գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կանգնած է եղել իր վճռած կամ պաշտպանած գործի յետեւը՝ ամբողջ հասակով, կատարեալ անկեղծութեամբ եւ բոլորանւէր անձնազոհութեամբ:
Հայ ժողովուրդը համոզւած է, որ եթէ վաղը նոր զոհաբերութեան եւ նոր արիւնի հարկադրանքն ստեղծւի՝ Հայկական Դատը «մեռեալ կէտից» շարժելու համար, դարձեալ դաշնակցականներն են շարժւելու վտանգաւոր դիրքերի վրայ, դարձեալ նրանք են նւիրաբերելու-լինի դա չարքաշ աշխատանք, դրամ թէ արիւն-որպէսզի գործը քալէ»: Յատկապէս, կարեւոր եղաւ Ջամալեանի ներդրումը Մ. Նահանգներու մէջ Հայ օգնութեան միութեան վերաշխուժացման ու Եւրոպայի տարածքին Հայ Կապոյտ Խաչի հիմնադրութեան, տարածման եւ ժողովրդականացման գործին մէջ:
Իր կենսագիրներէն Գաբրիէլ Լազեան յատուկ կարեւորութեամբ եւ անձնական վկայութեամբ կը հաստատէ, թէ մանաւանդ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի զարգացման հոլովոյթին մէջ հիմնական եղաւ Ջամալեանի ներդրումը: Այսպիսի՛ տարողութեամբ դէմք է Արշակ Ջամալեան եւ բնաւ պատահական չէր, որ 70 տարի առաջ, երբ յետ կարճատեւ հիւանդութեան՝ առյաւէտ փակեց աչքերը դեկտեմբերի 27-ին, անոր յուղարկաւորութեան օրը՝ դեկտեմբերի 29-ին, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանելու եկան ոչ միայն հայ կեանքի գլխաւոր հոսանքներու ներկայացուցիչները, այլեւ՝ արտասահման աքսորւած ռուս, վրացի եւ ադրբեջանցի ծանօթ հեղինակութիւններ, ինչպէս նաեւ Ընկերվար միջազգայնականը ներկայացնող ֆրանսիացի թէ եւրոպական այլ երկիրներու ականաւոր գործիչներ:
Հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան գաղափարի մեծ մարտիկին՝ Արշակ Ջամալեանի վախճանման 70-ամեակին առիթով կարժէ արձագանգել իր յուղարկաւորութեան ընթացքին դամբանախօսի մը այն մտածումին, թէ մեր պարտքն է իր պաշտած հողին վերադարձնել եւ յաւիտենական հանգիստի արժանացնել Ջամալեանի աճիւնը:
«ԱԼԻՔ»
0 Պատգամ:
Post a Comment