ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐԳ

Յառաջ նահատակ ցեղի անմահներ,
Վեց դարու անմոռ վրէժի զրահներ.
Կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն՝
Երթանք կոթողել դրօշակն եռագոյն:


Հսկայ նւիրման
Տորմի՛ղ հըրաթեւ
Կամաւո՛ր բանակ,
Յառաջ անսասան,
Յառաջ անդեդեւ,
Դէպի յաղթանակ:


Վատին սեւ արիւն մեր հողն ոռոգեց,
Տարագիր Հայն իր կեանքը նորոգեց,
Երէկ շղթայուած՝ այսօր ինքնավար,
Ձարեալ վեհօրէն դամբանէն խաւար:


Հսկայ նւիրման
Տորմի՛ղ հըրաթեւ
Կամաւո՛ր բանակ,
Յառաջ անսասան,
Յառաջ անդեդեւ,
Դէպի յաղթանակ:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

0 Պատգամ: